2016-04-27 09:46:00

Իրաք` ՏԱՀԵՇ կործանեց Մուսուլ քաղաքի Հրաշագործ Տիրամօր եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Մուսուլի լատինաց եկեղեցին, որ կը կոչուէր հրաշագործ Տիրամօր եկեղեցին կամ ժամացոյցի եկեղեցին քար ու քանդ եղած է ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքով, որ 9 Յունիս 2014-էն ասդին տէր դարձած է քաղաքին։

''Եկեղեցւոյ կործանումը տեղի ունեցած է կիրակի` 24 Ապրիլին''։ Լուրը հաղորդած է Քաղդէացիներու պատրիարքութիւնը, որ միաժամանակ իր ցաւը յայտնած է ի լուր պաշտամունքի այլ վայրերու  քանդումին։ Պատրիարքութիւնը ապա կոչ ուղղած է Իրաքցի քաղաքագէտներուն որ նպաստեն ազգային հաշտութեան ու վերջ դնեն ահաբեկչութեան ծաւալումին։

Տոմենիքեան հայրերու պատկան` Հրաշագործ Տիրամօր եկեղեցին կը գտնուէր քաղաքին կեդրոնը ու յատկանշուած էր իր պատի ժամացոյցով, որ նուէրն էր Եւկինէ կայսրուհիին, Նափոլէոն Գ-ի տիկինը։ 

Նշենք որ քաղաքի աշակերտ-աշակերտուհիները` քրիստոնեայ թէ իսլամ, սովոր էին իրենց դպրոցական քննութիւններէ առաջ, եկեղեցիէն անցնիլ հայցելու համար Տիրամօր օգնութիւնը եւ այդ պատճառաւ եկեղեցին ճանչցուած էր որպէս Հրաշագործ Տիրամօր եկեղեցի։








All the contents on this site are copyrighted ©.